2014-11-12 10:31:49

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 12 նոյեմբերի գործունէութիւնը` Հանդիպում հիւանդ եւ անկար մանուկներուն հետ։


(Ռ.Վ. 12 նոյեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 12 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը հանդիպեցաւ ''Կաթողիկէ – Մահմետական Ֆորումի երեսուն հոգիէ կազմուած պատուիրակութեան մը, ապա Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ հիւանդ եւ անկար խումբ մը մանուկներու հետ որոնք հռոմ ժամանած են հրապարակային ունկնդրութեան մասնակցելու համար եւ որ կլիմայի անկայունութեան պատճառաւ նախընտրուեցաւ հիւրընկալել փակ սրահի մը մէջ ուրտեղէն պաստառներու վրայ պատկերասփռուած նկարներու միջոցաւ կարողացան հետեւիլ ու մասնակցիլ հրապարակային ունկնդրութեան։
Անոնց հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկելով կլիմայի անկայունութեան` հրաւիրեց հետեւիլ ունկնդրութեան ու ապա անոնց տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը ու նախ քան անոնցմէ հրաժեշտ առնելը հրաւիրեց միասնաբար աղօթել` Ողջոյն քեզ Մարեամ մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.